ՄԱԿ`Տահեշը կրօնական եւ ցեղային մաքրագործում կը կատարէ։
ՄԱԿին դատումով իսլամական պետութիւնը պէտք է դատի կանչուի իր գործադրած ցեղային ու կրօնական
մաքրագործումին համար, յայտարարած է Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-Ի մարդու իրաւունքներու պատասխանատու`
Նաքի Փիլլէյ մատնանշելով թէ փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուած խտրականութիւնը կարելի
է որակել մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւն մը։ Ան միջազգային հասարակութենէն խնդրեց որ
այդ ոճիրներու հեղինակները անպատիժ չմնան։